ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Դամասկոսէն վերջին օրերուն հասած լուրերը զայրոյթ յառաջացուցած են Անգարայի մէջ։ Այսպէս, Սուրիոյ ժողովրդական խորհրդարանը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նկրտումներ արտայայտուած են Հաթայ քաղաքին համար։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ բողոքի յայտարարութիւնով մը։

«Ժողովրդական խորհրդարանը որեւէ ձեւով չի ներկայացներ Սուրիոյ ժողովուրդը, զերծ է ժողովրդավարական օրինականութենէ եւ մենք խստիւ կը մերժենք՝ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը թիրախաւորած իր յայտարարութիւնը, որ իրաւունքէ, նաեւ չափէ-սահմանէ դուրս է», նշուած է բանբերին կողմէ արտայայտուած հակազդեցութեան մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021