ԲԱԶՄԱՇԵՐՏ ՕՐԱԿԱՐԳ

Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման բանակցութիւններու եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հան երէկ այցելեց Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ։ Օրուան տեւողութեան եւրոպացի յանձնակատարը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Այս հանդիպումներուն առընթեր, Զօհրապ Մնացականեան եւ Եոհաննէս Հան սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Եոհաննէս Հանը հիւրընկալելու ժամանակ ընդգծեց հայկական կողմի ակնկալութիւնը՝ եւրոպացի գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Ան առաջարկեց մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացնել 21-րդ դարու փորձագիտութիւններու զարգացման ուղղեալ ծրագրերուն վրայ՝ առանձնացնելով արհեստական բանականութեան օգտագործումը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Եոհաննէս Հանի հետ կարծիքներ փոխանակեց Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգին շուրջ։ «Ժողովրդավարութիւնը մեր հասարակութեան համար արժէք է, ներքին համոզում, այլ ոչ թէ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշում։ Այս համատեսքով կը կարեւորենք ԵՄ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն», ըսաւ Փաշինեան։

Իր կարգին, Եոհաննէս Հանն ալ ընդգծեց, որ ԵՄ կը կարեւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ պատրաստ է նպաստելու զանազան ոլորտներէ ներս կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներու իրականացման։ Փաշինեան եւ Հան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ՝ անդրադառնալով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։

Զօհրապ Մնացականեանն ու Եոհաննէս Հանն ալ զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատեցին Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացը։ Մնացականեան եւս ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ Հայաստանի մօտեցումները, սկզբունքային դիրքորոշումը եւ վերջին զարգացումները։   

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019