ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկխօսութեան յանձնախումբը այս օրերուն հերթական ժողով մը կը գումարէ Վատիկանի մէջ։ Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ միջեկեղեցական երկխօսութեան յանձնախումբի 16-րդ հանդիպումն է այս մէկը։ Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած է հանդիպումը։ Ըստ նախատեսուած ծրագրին, Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները նախ հանդիպեցան առանձին, եկեղեցական ընտանիքներու ձեւաչափով, այնուհետեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յանձնախումբի 16-րդ հանդիպման առաջին լիագումար նիստը։

Ներկայ փուլին այս յանձնախումբի քննարկման նիւթն է եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդներէն Ս. Պսակը՝ ծիսական, աստուածաբանական ու կանոնական իր առանձնայատկութիւններով։ Միջազգային աստուածաբանական յանձնախումբի անդամները, նախատեսուած ծրագրով, յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկեն եկեղեցական երկու աւանդութիւններու մէջ Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան, ծիսական-աստուածաբանական ու կանոնական ընկալման ընդհանրութիւնները, նաեւ տարբերութիւններն ու եկեղեցաբանական առանձնայատկութիւնները։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հետեւեալ կազմով կը ներկայացուի Վատիկանի ժողովներուն՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Արեւմետեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցիչ), Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու), Տ. Մակար Եպսկ. Աշկարեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն) եւ Տ. Պօղոս Վրդ. Տինքճեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019