«ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ԵՐԲԵՔ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՅԱՆՁՆՈՒԻԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ»
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Երուսաղէմը երբեք չի կըր-նար յանձնուիլ Իսրայէլին։
Նախագահ Էրտողան երէկ մեկնաբանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ նախընթաց օր մանրամասնութիւնները հրապարակուած ծրագրին, որ մշակուած է Իսրայէլ-Պաղեստին հիմնախնդրի լուծման համար։ Էրտողան համոզուած է, որ այս ծրագիրը հետամուտ է Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի պարագային նոր կատարուած իրողութիւններ ստեղծելու։ «Այս ծրագիրը ուղղուած է պաղեստինցիներու իրաւունքները չեղեալ համարելու եւ Իսրայէլի կողմէ կատարուած բռնագրաւումը օրինականացնելու։ Որքան որ ալ կարգ մը արաբական երկիրներ երես թեքած ըլլան՝ մենք Պաղեստինի իրաւունքը պաշտպանելու նպատակով պիտի շարունակենք այս խնդիրը աշխարհին բացատրել», ըսաւ նախագահ Էրտողան։