ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխը։ Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան միջեկեղեցական բնոյթով զանազան հարցեր։ Զրուցակիցները կանգ առին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի սերտ համագործակցութեան վրայ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հանդիպումէն վերջ ընթրիքի սեղանի շուրջ հիւրընկալեց Կարտինալ Քոխը։

Միւս կողմէ, Անթիլիասի մէջ այսօր կը սկսի միջազգային բնոյթով միջեկեղեցական համագումար մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համագումարի նպատակն է՝ նոր մարտահրաւէրներու ու տագնապներու դէմ յանդիման միջեկեղեցական շարժումի առկայ կացութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկել եւ նոր ուղղութիւն մը եւ տեսլական մը որոնել անոր համար։ Համագումարի ընթացքին՝ որպէս գլխաւոր բանախօսներ հանդէս կու գան Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Քոնրատ Ռայզըր։ Այս համագումարին հրաւիրուած են շարք մը հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ, որոնք հարուստ փորձառութիւն ունին միջեկեղեցական գետնի վրայ՝ յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն ներս տարած են երկարամեայ աշխատանք։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2020