ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Սա 2020 թուականի առաջին քննարկումն է հայ եւ ազէրի կողմերուն միջեւ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։ Թէ՛ Մնացականեան եւ թէ Մամետեարով երէկուան հանդիպումէն առաջ առանձին տեսակցութիւններ ալ ունեցան միջնորդներուն հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու ծիրէն ներս, Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով այսօր եւս կը շարունակեն իրենց քննարկումները Ժընեւի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ ըստ ընդունուած կարգին՝ հանդիպման աւարտին արդիւնքներուն շուրջ պիտի հրապարակուի մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Աննա Նաղդալեան տեղեկացուց, որ Ժընեւի մէջ անդրադարձ կը կատարուի կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի մը։
Ներկայ բանակցութիւնները կը զուգադիպին տարածքաշրջանի առանցքային գործօններէն՝ Իրանի շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութեան պայմաններուն ներքեւ։ Բաց աստի, յառաջիկային Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Այս բոլորը կրնան ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ազդեցութիւն գործել հակամարտ կողմերու դիրքորոշման վրայ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախարարներու ներկայ հանդիպումէն անմիջապէս առաջ յայտնած էր, որ հաւանական է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումը՝ մօտալուտ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի օրերուն։