ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՍՊԵԼԻՆ
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց մարզական աշխարհէն բազում ծանօթ դէմքեր։ Յուզումնախառն արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Յուղարկաւորներու շարքին էին Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Մուհարրէմ Քասափօղլու, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, Մարմնամարզի ընդհանուր տնօրէն Մեհմէտ Պայքան, Թուրքիոյ Կռփամարտի դաշնակցութեան նախագահ Էյիւպ Էօզկենչ, երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ մեր համայնքէն հոծ թիւով սգաւորներ։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը զետեղուած էր հոգելոյս Կարպիս Զաքարեանի դագաղը, որու շուրջ կերոնակիրներու շարքին էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ այլ ազգայիններ։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Եկեղեցին լեցուցած յուղարկաւորները իրենց վերջին յարգանքը մատուցին Կարպիս Զաքարեանի նկատմամբ՝ խոնարհելով անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Բոլորը առասպելին հրաժեշտ տուին եւ վշտակցութիւն յայտնեցին անոր հարազատներուն։ Կարպիս Զաքարեան, որ կենդանութեան օրօք «Երկաթեայ բռունցք» կը համարուէր, երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առաւ աղօթքով, խունկով եւ ծաղիկներով։ Իր մասին կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ վեր առաւ ողբացեալի մարզական կեանքէ ներս ապահոված նուաճումներն ու արդարօրէն վայելած բարի համբաւը։
Յուղարկաւորութենէն վերջ դագաղը եկեղեցիէն դուրս բերուեցաւ ուսամբարձ։ Դրօշակով ծածկուած դագաղը զետեղուեցաւ ամպիոնին առջեւ՝ միշտ հոծ բազմութեան մը ուղեկցութեամբ։ Բակին մէջ կարճ հրաժեշտի խօսքերով հանդէս եկան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, նախարար Քասափօղլու, կուսակալ Երլիքայա եւ երէց սերունդէ յայտնի մարզական հաղորդավար Օրհան Այհան։ Բոլորն ալ իրենց դրական վկայութիւնը բերին Կարպիս Զաքարեանին՝ մարզական աշխարհի սեփականութիւնը դարձած ազնիւ անձնաւորութեան մասին։
Արարողութենէն վերջ հանգուցեալ Կարպիս Զաքարեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։