ՅԱՐԱՏԵՒ ՔԱՈՍ

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Ամիսներէ ի վեր երկիրը կը մաքառի՝ պատերազմի ծանր հետեւանքներէն ելք մը որոնելով։ Համատարած ընկալումով այդ ելքի անհրաժեշտ նախապայմանն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հրաժարումը եւ ժամանակաւոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը՝ արտահերթ ընտրութիւն կազմակերպելու նպատակով։ Յամենայնդէպս, իշխանութիւնները այդ քայլէն կը խուսափին ու կը շարունակեն քաոսի մէջ պահել երկիրը։

Փողոցի ցոյցերու թափի որոշ չափով նուազած ըլլալը, ըստ երեւոյթին, իշխանութիւններուն մօտ կը ստեղծէր այն համոզումը, թէ ընդդիմութիւնը եւ ցասումը հետզհետէ կը մարին։ Բայց եւ այնպէս, Բանակի օրը առիթ հանդիսացաւ, որ ժողովուրդի պոռթկումը վերստին զգալի դառնայ ընդգծուած ձեւով։ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքը, ցուցարարներու ուղղուիլը դէպի կառավարութեան եւ Աւագ դատախազութեան շէնքերը՝ եկան ցոյց տալ, որ առկայ ճգնաժամի յաղթահարման համար անհրաժեշտ են գործնական քայլեր։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքներուն ժամանակ կառավարութեան կողմէ թոյլ տրուած տկարութիւններն ալ արդէն միշտ կը խորացնեն իշխանութիւններուն նկատմամբ անվստահութիւնը։ Փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Սիւնիքի մարզը, որու սահմանակից գիւղերու տարածքային կորուստները անհաւատալի համեմատութիւններու հասած են ու պատճառ դարձած՝ համատարած անտէրութեան զգացումի։ Երեւանեան զանազան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Որոտանի եւ Շուռնուխի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները արդէն մերժած են Տիգրան Աւինեանի հետ հանդիպիլ։

Միւս կողմէ, միացեալ ընդդիմութեան կողմէ աշխատանքներն ալ կը շարունակուին՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջով։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցած է խումբ մը քաղաքագէտներու եւ մասնագէտներու հետ՝ քննարկելով ներքին քաղաքական կացութիւնն ու Արցախի ապագայ ճակատագիրը։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021