ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԶԱՔԻՐ ՀԱՍԱՆՈՎԻ ՀԵՏ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա, Անգարայի մէջ կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հիւր նախարարը ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլիի, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Նուրետտին Ճանիքլի Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս Զաքիր Հասանովը դիմաւորեց պաշտօնական արարողութիւնով։ Պատուոյ տոմարը ստորագրելէ վերջ Հասանով առանձին ընդունուեցաւ Ճանիքլիի կողմէ։ Երկու նախարարները աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ դռնփակ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ պաշտպանութեան ու ռազմական բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, վաղը, Կիրեսունի մէջ նախատեսուած է Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը։ Այս հաւաքին առթիւ Նուրետտին Ճանիքլի կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցները՝ Զաքիր Հասանովն ու Լեւան Իզորիան։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, եռակողմանի հանդիպման աւարտին կը նախատեսուի պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագրի մը ստորագրումը։

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018