ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԿԱՄՔ

Լոյս տեսաւ «Անկախութիւնը եւ ազատական բարեփոխումները» ժողովածոյի երկրորդ հատորը։ Ժողովածոն նուիրուած է այն քայլերուն, որոնց 90-ականներուն ձեռնարկած է Անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանը՝ Գերագոյն խորհուրդը՝ պետական եւ հասարակական նոր կառոյցներ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Նախաբանը գրած է Բաբգէն Արարքցեան, իսկ հեղինակներու շարքին են Վահէ Ստեփանեան, Գագիկ Ճիհանկիրեան, Ժիրայր Լիպարիտեան, Աշոտ Ոսկանեան եւ այլ մասնագէտներ։ Համեստ յօդուած մը գրած եմ նաեւ ես։ Վերը թուարկուած անունները կրնան տարբեր զգացումներ յառաջացնել, բայց զուտ մասնագիտական առումով, կը կարծեմ, ես «լաւ շրջապատի մէջ ինկած եմ»։ Հայեցակարգային առումով ուշագրաւ յօդուածներէն մին գրած է Ժիրայր Լիպարիտեան, որ կը փորձէ պատասխանել հետեւեալ հարցումին՝ մենք կրնա՞նք ունենալ անկախ պետութիւն։ Մէկ նախադասութեամբ ձեւակերպելով հեղինակի միտքը, կրնամ ըսել, որ անոր պատասխանն է՝ այո, բայց միայն այն պարագային, եթէ հիմքին դրուին այն գաղափարները, որոնցմով 1990-ականներու սկիզբին կ՚առաջնորդուէին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը եւ ՀՀՇ-ն (Հայոց համազգային շարժումը)։ Նշեմ, որ ես այդ միտքի հետ հարիւր տոկոսով համաձայն եմ։

Կը կանխատեսեմ «Ֆէյսպուք»ի մակարդակի հակադարձումները, որոնք կը յիշեցնեն, թէ ի՛նչ վատ բաներ տեղի ունեցած են «Լեւոնի ժամանակ»։ Բայց խօսքը այստեղ ո՛չ թէ այն յանցագործութիւններու մասին է, որոնք եղած են այս կամ այն ղեկավարի ժամանակ, այլ այն գաղափարներու, որոնք ձեւակերպած էր՝ մասնաւորապէս, Ռաֆայէլ Իշխանեան։ Այդ գաղափարներուն հետ այն ժամանակ համաձայն էին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Վազգէն Մանուկեան, նոյնինքն Արարքցեան, Վանօ Սիրադեղեան եւ մեր պետութեան միւս հիմնադիրները։

Բայց եկէք, պատասխանենք այլ հարցումի մը. ինչո՞ւ ՀՀՇ-ն փաստացիօրէն չկայ այսօրուայ քաղաքական ասպարէզին մէջ, իսկ Դաշնակցութիւնը կայ։ Կրնա՞մ ենթադրել, թէ այդ փաստը կ՚արտացոլացնէ հայկական քաղաքական մտքի առանձնայատկութիւնները։ Աւելին ըսեմ՝ չկան կամ պիտի չըլլան մի քանի տասնեակ այլ կուսակցութիւններ. օրինակ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիրը» որպէս կուսակցութիւն նոյնիսկ հիմա չկայ։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ կուսակցութիւն մը, որ կը մերժէ «իզմ»երը։

Դատելով «Քաղաքացիական պայմանագիր»ական («Իմ քայլական») գործիչներու ելոյթներէն, անոնց գաղափարախօսութիւնը «Սերժը մերժելը» է՝ գործնականին մէջ որեւէ ելոյթ այդ նիւթը չի շրջանցեր։ Բայց ամբողջ խնդիրը այն է, որ 10-20 տարի յետոյ, պատմելով այսօրուայ քաղաքական անցուդարձի մասին, ուսուցիչներն ու դասախօսները ստիպուած պիտի ըլլան բացատրել իրենց սաներուն, թէ ո՛վ էր Սերժը եւ ինչո՛ւ զայն կը մերժէին, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի անունը անոնք ընդհանրապէս չեն տար։

Ի տարբերութիւն այս բանին՝ Դաշնակցութիւնը, որպէս ազգային կառոյց, կը գործէ նաեւ 20 տարի վերջ։ Հայաստանը, որպէս անկախ պետական միաւոր, 20 տարի յետոյ կարող է եւ չըլլայ, իսկ Դաշնակցութիւնը կը մնայ։ Եւ դարձեալ կրկնեմ Լիպարիտեանի հնչեցուցած հարցը՝ Հայաստան կրնա՞յ անկախ պետութիւն ըլլալ։ Կամ վերաձեւակերպենք հարցը՝ «Հայ ժողովուրդը կ՚ուզէ՞ անկախ պետութիւն ունենալ»։ Դուք, ի հարկէ, կ՚ըսէք՝ «Ի հարկէ, 1991 թուականի հանրաքուէին ժամանակ 95.5 տոկոսը ըսած է «այո» անկախութեան»։ Բայց նախ՝ հիմա բացառուած է, որ տոկոսը այդքան բարձր ըլլայ։ Իսկ ամենակարեւորը հետեւեալն է. փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ «կողմ» քուէարկելով, մարդիկ չէին գիտեր, թէ ինչի՞ն «այո» կ՚ըսեն, ի՞նչ ջանքեր այդ բանը անոնցմէ կը պահանջէ եւ ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը դնէ անոնց վրայ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021