ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն աշխարհի քառասուն պետութիւններու ղեկավարները յաջորդ ամիս հրաւիրեց Ուաշինկթըն՝ կլիմայի փոփոխութիւններուն ձօնուած գագաթաժողովի մը մասնակցելու։ Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ճօ Պայտընի տանտիրութեամբ կազմակերպուելիք համաժողովը նախատեսուած է 22-23 ապրիլին։ Այս համաժողովը ունի յստակ նպատակ մը։ Պայտընի վարչակազմը կը ծրագրէ մարդոց կեանքերու եւ անոնց կենսագործունէութեան վրայ կլիմայական փոփոխութիւններու հաւանական ազդեցութիւններուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել։ 

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ այս գագաթաժողովին համար հրաւէր ուղղուած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Գագաթաժողովին հրաւիրուած քառասուն պետութիւններու ղեկավարներու շարքին կը գտնուին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ այլ զանազան ղեկավարներ։ 

Ինչպէս ծանօթ է, նախագահ Ճօ Պայտըն իշխանութեան գլուխ գալէ անմիջապէս վերջ տնօրինութիւն մը կատարած էր, որպէսզի իր երկիրը վերադառնայ Փարիզի համաձայնութեան։ Կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի ուղղեալ այդ կարեւոր միջազգային փաստաթուղթէն ԱՄՆ-ի ստորագրութիւնը ետ քաշուած էր Պայտընի նախորդին՝ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան տարիներուն։ Միջազգային հանրութիւնը ողջունած էր Ճօ Պայտընի կողմէ պաշտօնավարութեան առաջին իսկ քայլափոխին Փարիզի համաձայնութեան տակ ԱՄՆ-ի ստորագրութեան վերահաստատուիլը։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնն ալ յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա։ Այսպէս, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն ապրիլի 6-ին շփումներ պիտի ունենան Անգարայի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալուին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ։

Թուրքիա ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու վերջին քանի մը գագաթաժողովներուն ժամանակ  ան դարձած է գլխաւոր քննարկման նիւթերէն մին։ Անցեալ շաբաթ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն յայտարարած էր, որ ԵՄ նոյնիսկ կրնայ սառեցնել Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը՝ նոր սադրիչ գործողութիւններու պարագային։ Կողմերու միջեւ վերջին տարակարծութիւններուն պատճառ հանդիսացած են Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւնները։ Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր կը սպասէ ԵՄ-ի լիիրաւ անդամ դառնալ։ Վերջին տասնամեակին կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային բնոյթ ստացած են գաղթականներու խնդիրները։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021