ՄՈՑԱՐԹԻ 265-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Մոցարթի ծննդեան 265-ամեակին ձօնուած համերգ մը։ Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին հանդէս եկան հանրայայտ դաշնակահար Սվետլանա Նաւասարդեան եւ «Armenian» լարային քառեակը։ Յայտագրի ընթացքին երաժշտասէրները ունկնդրեցին Մոցարթի լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կազմակերպիչները այս առթիւ նշեցին, որ Հայաստանի մէջ որքան յաճախակիօրէն կազմակերպուին սենեկային համերգները, ապա այնքան մարդիկ աւելի շատ կը հաղորդակցին դասական արուեստին հետ ու կը զարգանան։

Երէկուան համերգը իսկապէս եզակի վայելքի մը վերածուեցաւ ներկայ երաժշտասէրներուն տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021