ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՇԽԱՐՀ ՉԾԻԾԱՂԻ

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ եթէ Հայաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան վերստին վարչապետ դառնայ, ապա ամբողջ աշխարհ Հայաստանի վրայ պիտի ծիծաղի եւ այդ բանէն վերջ Հայաստան որեւէ բան չի կրնար ընել։

Վազգէն Մանուկեան վերջին օրերուն զրուցեց խումբ մը զանգուածային լրատուութեան միջոցերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ ժողովուրդը պէտք է վերականգնէ իր ինքնավստահութիւնը եւ այս ուղղութեամբ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանը գահընկէց ընել։ Սա պիտի ըլլայ առաջին յաղթանակը։

Անդրադառնալով երկրի առկայ կացութեան եւ մատնուած պարտութեան՝ Վազգէն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ որեւէ ընտրութիւն այս հարցի լուծումը պիտի չըլլայ։ Հայաստան ներկայ բզկտուած վիճակով պատրաստ չէ ընտրութիւններու եւ նախատեսուած ընտրութիւնները պիտի խորացնեն տագնապը, ոչ թէ պիտի լուծեն։ «Երկրորդ՝ մենք մեր առջեւ եւ միւս երկիրներու առջեւ խայտառակ կ՚ըլլանք, եթէ Նիկոլ Փաշինեան երկիրը կործանելէ վերջ ինք ղեկավարէ ընտրութիւնները։ Այդ բանէն աւելի մեծ խայտառակութիւն չի կրնար ըլլալ։ Չեմ ըսեր նաեւ այն, որ ինք ընտրութիւններու ժամանակ կրնայ տոկոս հաւաքել եւ կրնայ այնպէս ստացուիլ, որ երկիրը կործանելէ վերջ ինքը դառնայ վարչապետ։ Այդ բանէն յետոյ ոչ միայն մենք մեզ յարգած չենք ըլլար, այլ ամբողջ աշխարհը մեր վրայ կը ծիծաղի եւ մենք անկէ յետոյ ոչ մէկ բան կրնանք ընել», ըսաւ Մանուկեան։

Ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ ներկայացուած ծրագրին անդրադառնալով՝ Վազգէն Մանուկեան յիշեցուց, որ այդ մէկը կը նախատեսէ փոխել վարչապետը ու տարուան մը համար ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծել։ Միայն ճիշդ ծրագիրը վիճակը կրնայ կայունացնել։ Անձերու կամ ձեւաչափերու փոփոխութիւններ կրնան ըլլալ, սակայն կարեւոր է ունենալ տեսլական մը, թէ ինչպիսի երկիր մը պէտք է կառուցել, հիմքերը պէտք է դնել, եւ այդ բոլորէն վերջ ձեռնարկել ընտրութիւններու։ Այլապէս, Վազգէն Մանուկեան բացարձակապէս դէմ է ներկայ նախատեսուած ձեւով ընտրութիւններու երթալու։

«Մենք գործ ունինք ապօրինի իշխանութեան հետ։ Եթէ ժողովուրդը համաձայն չէ իշխանութեան հետ, իշխանութիւնը կը կորսնցնէ իր օրինականութիւնը։ Պատերազմէն յետոյ ինքը կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը։ Ամէն օր ինքը կը խախտէ Սահմանադրութիւնը։ Մենք հիմա կը փրկենք երկիրը, երկիրը փրկելու համար բոլոր միջոցները թոյլատրելի են, բայց միշտ կը սկսիս թոյլ միջոցներէ եւ յետոյ կ՚անցնիս ուժեղ միջոցներու», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան եւ աւելցուց, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» շնորհիւ մարդոց աչքերը բացուեցան եւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ պահանջեցին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Այս ամբողջին մէջ ան թուարկեց նաեւ հանրապետութեան նախագահը, Եկեղեցին եւ նախկին ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանը, որոնք պահանջեցին Փաշինեանի հրաժարականը։ Այս բոլորը «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» արդիւնքը եղան։ Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, նոյնիսկ ներկայիս Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նախատեսուած ընտրութիւնները կրնան ըլլալ պլէօֆ մը՝ դարձեալ ճնշման հետեւանքով։ Ընտրութիւններու ուղղութեամբ տակաւին վերջնական արդիւնք մը ստացուած չէ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Վազգէն Մանուկեան մատնանշեց, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» բոլոր կուսակցութիւնները հարցի մը մէջ միասնական են՝ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ։ Իր խօսքով՝ հասկնալի է, որ ժողովուրդը հիասթափուած է եւ շարժման երկրորդ ալիքին ժամանակ ընդդիմութիւնը կ՚իրականացնէ իր յաջորդ ծրագիրը։ «Ժողովուրդը հիասթափուած է ընդդիմութենէն եւ սա բնական է, որովհետեւ անոնք ընդդիմութենէն կը սպասէին առկայ խնդիրներու լուծում, միւս կողմէ ալ շատ մարդիկ տունը նստած, կ՚ուզէին՝ ուրիշները այդ հարցը լուծեն, բայց սա չ՚արդարացներ ընդդիմութիւնը», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան։ Աւելի վերջ ան նշեց, որ փողոցի միջոցաւ իշխանափոխութիւն տեղի պիտի ունենայ, օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, նոյնիսկ Սահմանադրութիւնը կրնայ բարեփոխուիլ, ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կը ծրագրուին եւ այս բոլորէն վերջ ընտրութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Իսկ ներկայիս նախատեսուած ձեւով արտահերթ ընտրութիւնները պատճառ կրնան դառնալ քաոսի։ Իր խօսքով՝ ամբողջ քրէական աշխարհը այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի. մարդիկ, որոնք որեւէ բանի համար պիտանի չեն, կը ստեղծեն կուսակցութիւններ։

Անդրադառնալով Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վերջին յայտարարութիւններուն՝ Վազգէն Մանուկեան յայտնեց, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւս մտահոգուած է իրավիճակով եւ կ՚առաջարկէ իրավիճակին համապատասխան լուծումներ։ Հարկ է նշել, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ Վազգէն Մանուկեան 1980-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբին եղած են լծակիցներ, միասնաբար անդամակցած են «Ղարաբաղ» կոմիտէին, իսկ աւելի վերջ հասած են ճամբաբաժանի մը, որմէ վերջ դարձած են քաղաքական մրցակիցներ։ Այս բոլորէն վերջ, Տէր-Պետրոսեան եւ Մանուկեան ներկայիս երկուքն ալ համոզուած են, թէ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ։ Անոնց մօտեցումները այս փուլին կը համընկնին։ Վազգէն Մանուկեան ըսաւ, որ հիմա Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ չեն մրցիր եւ ինք կը կարծէ, որ ան եւս մտահոգուած է ստեղծուած իրավիճակով եւ կը փնտռէ լուծումներ։

Վազգէն Մանուկեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպման մասին։ «Բոլոր նախագահները իրարու հետ կռուած են, բոլորը իրարու հետ հակասութիւններ ունին, բայց հիմա Հայաստանի մէջ այնպիսի արհաւիրք մըն է, որ բոլոր նախագահները պէտք է կարողանան իրարու հետ լեզու գտնել եւ դուրս գալ ստեղծուած իրավիճակէն», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021