ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Երբ միջազգային բեմահարթակի վրայ ուժերու նոր վերադասաւորումներ տեղի կ՚ունենան եւ մանաւանդ՝ Արեւմուտքը կը փորձէ դիրքաւորուիլ Արեւելքի յառաջատար դերակատարներուն դէմ, Փեքին-Թեհրան յարաբերութիւնները արդէն նոր թափ կը ստանան։ Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ շաբաթավերջին ստորագրուեցաւ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ ունի քսանհինգ տարուան ժամկէտ մը։ 

Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Ի շաբաթավերջին այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի կողմէ։ Երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան մասին ստորագրուած պայմանագրի առանցքային դրոյթներէն մին կը նախատեսէ Չինաստանի կողմէ Իրանի տնտեսութեան մէջ խոշորածաւալ ներդրումներու իրականացումը։ Խօսքը առաջին հերթին կը վերաբերի ուժանիւթի ոլորտին եւ նոր ենթակառուցուածքներու ստեղծման։ 

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ գոյութիւն ունին քաղաքական, ռազմավարական եւ տնտեսական բաղադրիչներ։ Թեհրանէն զանազան աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ այս պայմանագիրով նախատեսուած է խորացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը ռազմական եւ անվտանգութեան բնագաւառներու մէջ։ 

Փեքինի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան մասին պայմանագրի մը ստորագրման առաջարկը առաջին անգամ բարձրաձայնուած էր Չինաստանի ղեկավարութեան կողմէ՝  2016 թուականի յունուարին, երբ ան կ՚այցելէր Իրան։ Անցնող ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները արդէն իրականութիւն դարձուցած են այդ մտադրութիւնը։

Շաբաթավերջին Թեհրանի մէջ ունեցած շփումներուն ժամանակ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Փեքին բացարձակապէս դէմ է Թեհրանի դէմ կիրարկուած միակողմանի պատժամիջոցներուն։ Չինացի նախարարը, որ ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ, ընդգծեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ խորացնելու համար համագործակցութիւնը։ Այսպէս, Չինաստան կը շարունակէ ընդդիմանալ Իրանի դէմ արտաքին ճնշումներու սաստկացման։ «Մենք կը սատարենք Թեհրանի ձգտման՝ պաշտպանել պետական ինքնիշխանութիւնը, զարգանալ հիմնուելով սեփական ընտրութեան վրայ», յայտնեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ աւելցուց, որ որեւէ միակողմանի պատժամիջոց կը հակասէ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն՝ յատկապէս եթէ այդ մէկը հիմնուած է կեղծիքի վրայ։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021