ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի դժուարին մթնոլորտին մէջ կառավարութիւնը որոշեց ամբողջ երկրէն ներս դարձեալ խստացնել սահմանափակումները։

Շուրջ ամիս մը առաջ մասնակի բնականոնացման գործընթաց մը սկսած էր Թուրքիոյ մէջ։ Երկրի քաղաքները դասաւորուած էին՝ ըստ ռիսքերու բարձրութեան։ Անցնող շաբաթներուն իրադարձութիւնները այնպէս մը ընթացան, որ բարձր ռիսքով քաղաքներու թիւը բարձրացաւ 58-ի եւ երկրի բնակչութեան 80 տոկոսը վերստին համաճարակի տեսակէտէ վտանգաւոր գօտիի մը մէջ մնաց։ Այս պայմաններուն ներքեւ վերահաստատուեցան խիստ սահմանափակումներ։

Նախարարաց խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Երեքուկէս ժամ տեւեց նիստը, որու աւարտին առնուած որոշումները հրապարակուեցան  Էրտողանի կողմէ։ Այսպէս, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ վերահաստատուեցաւ շաբաթավերջերուն փողոց դուրս գալու արգելքը։

Բաց աստի, իսլամական աշխարհի մօտալուտ Ռամազանի շրջանին վերաբերեալ կարգադրութիւններ ալ հրապարակուեցան։ Այսպէս, ծոմապահութեան շաբաթներուն ճաշարաններն ու սրճարանները յաճախորդ պիտի չընդունին, մի միայն առաքումով ծառայութիւն պիտի մատուցեն։ Աշխատաւորներու ուղղեալ պետական աջակցութիւններն ալ պիտի շարունակուին։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021