ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԿԱՃԱՌԸ

Հա­յաս­տա­նը Եւ­րո­պա­կան թան­գա­րա­նա­յին ֆո­րու­մի (European museum forum) տա­րե­կան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կաճառը:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցած է Եւ­րո­պա­կան թան­գա­րա­նա­յին ֆո­րու­մի ազ­գա­յին թղթա­կից Մա­րի­նէ Մկրտչեան:

«Եւ­րո­պա­կան թան­գա­րա­նա­յին ֆո­րու­մի նպա­տակն է խրա­խու­սել թան­գա­րա­նա­յին նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը: Ան ու­նի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն, ո­րուն մենք ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յա­ցու­ցինք Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կա­ճա­ռը: Մենք ցոյց տուինք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւս նոր թան­գա­րան­ներ կը բա­ցուին եւ թան­գա­րա­նա­յին գոր­ծը կը զար­գա­նայ», նշած է Մա­րի­նէ Մկրտչեան:

Եւ­րո­պա­կան թան­գա­րա­նա­յին ֆո­րու­մի տա­րե­կան 39-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը (The European Museum of the Year Award) տե­ղի ու­նե­ցած է Ապ­րի­լի 6-10 թուա­կան­նե­րուն, Սպա­նիոյ մէջ:

Մկրտչեա­նի խօս­քով` հա­յաս­տա­նեան մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րէն Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կաճառը ա­ռա­ջինն է, որ կը մաս­նակ­ցի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան, եւ որ ան­ցած է եզ­րա­փա­կիչ փուլ:

«Մենք շնոր­հան­դէ­սի մի­ջո­ցով ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք մեր թան­գա­րա­նը: Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան մաս­նակ­ցած է 49 թան­գա­րան: Մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած է Լե­հաս­տա­նի հրեա­նե­րու «Փո­լին» պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նը (POLIN Museum of the History of Polish Jews)», ա­ւել­ցու­ցած է Մա­րի­նէ Մկրտչեան:

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016