ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՏԻՐԱՆԱՅ ԵՐԵՔ ՄԵՏԱՅԼԻ
Ամերիկեան «Կրէյսնոթ» ընկերութիւնը մանրամասն վերլուծումը կատարած է Օգոստոսին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլիա) տեղի ունենալիք Ամառնային ողիմպիական խաղերուն վերաբերեալ՝ փորձելով կանխատեսել, թէ ո՛ր երկիրները որքա՛ն մետայլի պիտի տիրանան:
Ամերիկացիներուն կարծիքով՝ Հայաստան մետայլներու վերջնական դասաւորման մէջ պիտի գրաւէ 44-րդ դիրքը՝ 3 մետայլով (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ):
«Կրէյսնոթ»ի համաձայն, Հայաստանի համար ոսկի մետայլը ապահովողը պիտի հանդիսանայ 98 քկ. դասակարգի մրցումներուն մասնակցող, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, որ վերջին երկու տարիներուն աշխարհի ախոյեանն է:
Իսկ ծանրաբարձ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան (75 քկ. եւ վեր) պիտի տիրանայ արծաթ մետայլին: Բաց աստի, Խուրշուդեան այս ամիս հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Վերջապէս, պրոնզ մետայլին տիրացողը պիտի ըլլայ Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ.):