ՄՕՏԵՑՆԵԼ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Գի­տու­թեան եւ փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու մեր­ձա­ցում» խո­րագ­րեալ եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղով մը։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման նիս­տին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան մէջ գի­տա­կան լու­ծում­նե­րը կի­րա­ռե­լու գոր­ծըն­թա­ցէն ներս առ­կայ բա­ցե­րուն եւ ա­նոնց մի­ջեւ կա­մուրջ­ներ ստեղ­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րէ, պե­տա­կան մար­մին­նե­րէ եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեա­նի բաց­ման խօս­քով սկսան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք ըն­թա­ցան կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման ձե­ւա­չա­փով։

Այս գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Հա­մա­կարգ­չա­յին կա­ճա­ռին, Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Գի­տու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին, Ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան ծրագ­րին, Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին եւ Ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու հիմ­նադ­րա­մին հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016