Կիրակի 12, Յունուար 2025
«ԾԱԳՈՂ ԱՐԵՒ»
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր արժանացաւ նոր պարգեւի մը՝ այս անգամ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մեծանուն վարպետին շնորհուեցաւ «Ծագող արեւ» շքանշանը։
93-ամեայ Շարլ Ազնաւուր վերջին օրերուն Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կազմակերպուած համերգը ջնջած էր առողջական պատճառներով։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018