ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԵՄ-Ի ՀԱՄԱՐ ՈՒՆԻ ՅՍՏԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳ

Գերմանիա կը պատրաստուի ստանձնել Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ 1 յունիս 2020 թուականին ԵՄ-է ներս պիտի սկսի գերմանական նախագահութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ ներկայ տարուան երկրորդ կէսին Գերմանիա կը նախատեսէ կեդրոնանալ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի եւ բնապահպանութեան խնդիրներու վրայ։

«Euronews»ի հաղորդումներով, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել վերջերս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ իր երկրի նախագահութեան վեցամսեայ ժամանակաշրջանին շուրջ։ Տեսաքոնֆերանսով յայտարարութիւններ ընելու ժամանակ Անկելա Մերքել ընդգծեց, որ համաճարակի դէմ պայքարը, նաեւ անոր պատճառ դարձած ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւններու ազդեցութիւնը պիտի պայմանաւորեն գերմանական նախագահութեան ժամանակաշրջանի օրակարգի առաջնահերթութիւնները։ Արդարեւ, Մերքելի համոզմամբ, մինչեւ պատուաստանիւթի մը գտնուիլը քորոնաժահրը պիտի շարունակէ ազդեցութիւն գործել Եւրոպայի կեանքին վրայ։

Առողջապահութեան առընթեր, ըստ Մերքելի, գերմանական նախագահութեան շրջանին պիտի թիրախաւորուին նաեւ բնապահպանութեան խնդիրները։ Այսպէս, Եւրոպայի տնտեսութիւնը համավարակի պատճառած ցնցումները պէտք է թօթափէ եւ զուգահեռաբար պէտք է մտածել նաեւ Եւրոպայի ապագային մասին։ Սա կը պարփակէ նաեւ կլիմայի եւ բնապահպանութեան խնդիրները։

Մերքել դիտել տուաւ, որ իր երկիրը ԵՄ-ի անդամներուն պիտի առաջարկէ աշխատիլ՝ համաեւրոպական ազդու առողջապահական համակարգի մը ձեւաւորման գաղափարը մշակելու ուղղութեամբ։ Գերմանական նախագահութիւնը առաջնահերթութիւն ցոյց պիտի տայ նաեւ առեւտրական համակարգի զանազան երեսակներու բարեփոխման։ Խօսքը կը վերաբերի նուազագոյն տուրքի համեմատութեան, զանազան գործողութիւններու հարկերուն, ինչպէս նաեւ նաւերու եւ օդանաւերու պարագային համատեղ քարպոնի ճօճումի համակարգի մը խրախուսման։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020