ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքըր-ւեցաւ երգչախումբի աշխատանքներով եւ գնահատեց առողջ կեցուածքը անդամներուն, որոնք կը ցուցաբերեն իրենց վարիչին կողքին կանգնելով։ Տնօրէն խորհուրդի անդամները իրենց կարգին համոզիչ բացատրութիւններ տուին երգչախումբի հասցէին զանազան շրջանակներէ հնչած ժխտական արտայայտութեանց մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յստակ կերպով գնահատեց զիրենք, որ նախանձախնդրութեամբ կը փափաքին մնալ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վրայ։ Դարձեալ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ տնօրէն խորհուրդին եւ Յակոբ Մամիկոնեանին՝ առանց նիւթական ակնկալութեան տարած սիրայօժար աշխատանքին համար։
Յակոբ Մամիկոնեան Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց «Կոմիտաս» թատերախաղին, որ կը բեմադ-րըւի Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ «Մեսրոպ Պատրիարք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, բեմադրութեամբ՝ Էրսին Ումութ Կիւլէրի եւ մասնակցութեամբ միակ դերակատար Ֆեհմի Քարաարսլանի։ Իսկ Լուսաւորիչ երգչախումբի անդամները վարագոյրի ետեւէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Կոմիտաս Վարդապետի հոգեւոր եւ աշխարհիկ խմբերգներով։ Այս ներկայացումը վերջերս արժանացած էր երկու մրցանակներու։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր գնահատանքը յայտնեց ձեռք բերուած այս յաջողութեան համար եւ խոստացաւ առաջին հերթին ներկայ գտնուիլ սոյն ներկայացման։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատ-ւութիւնը թելադրեց, որ ինչ որ ալ ըլլան պայմանները՝ անոնք պահեն իրենց միասնականութիւնը եւ հաւատարմութեամբ շարունակեն իրենց եկեղեցաշէն ու համայնքանուէր աշխատանքը։
Տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ Յակոբ Մամիկոնեան իրենց որդիական ակնածանքը եւ շնորհակալութիւնները յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական մերձեցման եւ թելադրութիւններուն համար։