ՔԻԼԻՍԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՀՐԹԻՌՆԵՐ

Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի Քի­լիս քա­ղա­քը շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ան­գամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ ար­ձա­կուած հրթիռ­նե­րու թի­րա­խը դար­ձաւ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ար­ձա­կուած եր­կու հրթիռ­ներ ին­կան այս քա­ղա­քը։ Հրթիռ­նե­րէն մին զու­գա­դի­պե­ցաւ պա­րապ տա­րած­քի մը, իսկ միւ­սը ին­կաւ դպրո­ցի մը պար­տէ­զի մօ­տա­կայ­քին։

Քի­լի­սի վրայ ին­կած հրթիռ­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս վերջ շարժ­ման ան­ցան թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը։ Բա­նա­կը ստու­գեց Ի­ՇԻՊ-ի այն չորս դիր­քե­րը, ուր­կէ ար­ձա­կուած էին հրթիռ­նե­րը։ Թնդա­նօթ­նե­րով կրա­կի տակ առ­նուե­ցան այդ դիր­քե­րը, ո­րոնք ոչն­չա­ցուե­ցան վերջ­նա­կա­նօ­րէն։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016