ՀԲԸՄ-ի «Երաժշտական Հայաստան» Ծրագիրը
Այս տարի եւս, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ, Յուլիսի 10-30 թուականներուն միջեւ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական երաժշտութեան նուիրուած խտացեալ դասաւանդութիւն՝ «Երաժշտական Հայաստան» խորագրին ներքոյ։ Այս ձեռնարկը առիթ կ՚ընծայէ մասնակիցներուն, որպէսզի անոնք մարզուին վարպետ երաժիշտներու ձեռամբ, միաժամանակ՝ մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի երաժշտական կեանքին եւ անոր տեսարժան վայրերուն:
Մարզումներու կողքին, մասնակիցները պիտի հետեւին յատուկ դասախօսութեանց եւ ներկայ պիտի ըլլան համերգներու՝ առիթ ունենալով անձամբ ծանօթանալու արուեստագէտներու հետ:
Նախորդ քանի մը տարիներուն, աշխարհի զանազան երկիրներէ հայորդիներ մասնակցած են այս իւրայատուկ ծրագիրին:
Ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմումնագիրները ամբողջացնեն մինչեւ Յունիսն 5-ը: