ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Ենիգաբուի «Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան իֆթարի հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքապետարանը երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ նման իֆթարներ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս աւանդութիւնը երէկ ալ շարունակուեցաւ, սակայն այս տարուանը ունէր յաւելեալ բացառիկ բնոյթ մը։ Արդարեւ, քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած ընթրիքը զուգադիպեցաւ մայիսի 29-ին Իսթանպուլի նուաճման տարեդարձին։ Ուստի, թէ՛ արտասովոր ծրագրով եւ թէ խանդավառութեամբ կեանքի կոչուեցաւ քաղաքապետարանի ընթրիքի ծրագիրը։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Իսթանպուլի կուսակալ եւ գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնակատար Ալի Եէրլիքայա, ինչպէս նաեւ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածուն է։

Երէկուան իֆթարի բազմահազար հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։ Այս ծիրին մէջ մասնաւոր սեղան մը նախատեսուած էր փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն համար։ Այդ սեղանին շուրջ էին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Իրենց կ՚ընկերանային Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Բաց աստի, համայնքային շրջանակներէն աշխարհական վարիչներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ ալ հրաւիրուած էին այս պաշտօնական ընթրիքին։

Երեկոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Նախագահ Էրտողան երէկուան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Իսթանպուլին ծառայութիւն մատուցել կը նշանակէ համայն աշխարհին ծառայութիւն մատուցել։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019