ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓԱԿ ՇՐՋԱՆ

Հայաստան կը շարունակէ դիմագրաւել ցնցումներու փակ շրջան մը։ Անվտանգային գոյաբանական սպառնալիքներու դէմ յանդիման՝ երկիրը չի յաջողիր ներքին քաղաքական կայունութեան մը հասնիլ. բան մը, որուն ի շարունակութիւն լուծման գետին մը կրնայ ստեղծուիլ յիշեալ սպառնալիքներուն համար։

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն այս առաւօտ դարձեալ հասան դրուագներ, որոնք մեծ լարուածութեան մը ապացոյցը կը հանդիսանային։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը այս առաւօտ դարձեալ շարունակեց իր ցոյցերը՝ մանաւանդ, որ կառավարութիւնը հերթական նիստը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ խիստ պաշտպանութեան տակ առաւ կառավարութեան շէնքը։ Դժբախտաբար, ցոյցերուն զուգահեռ ի յայտ կու գան ցաւալի բռնութիւններու տեսարանները։

Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան վերջին օրերուն սկսած է նաեւ հրապարակաւ խօսք ուղղել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ Այս ուղղութեան վրայ ալ ան կ՚արտայայտուի խիստ ոճով՝ մինչ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած է նաեւ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավարութեան նիստը։

Երեւանեան կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ Հայաստանի կառավարութենէն ներս Նիկոլ Փաշինեանին ամէն օր կը զեկուցեն, թէ ընդդիմադիր շարժումը մարած է, քանի մը օր անց ոստիկաններու ճնշման ներքեւ մարդիկ այլեւս փողոց դուրս պիտի չգան, սակայն, կը շարունակեն նաեւ ուժեղացնել անվտանգութիւնը։

Ներքին քաղաքական վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան պետ Քրիստինէ Գրիգորեան երէկ Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ կան բազմաթիւ սպառնալիքներ, որոնք կու գան քանի մը երկիրներէ»։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Պետական Տումայի ԱՊՀ-ի գծով յանձնաժողովի առաջին փոխ-նախագահ Քոնստանդին Զատուլին երկրի պետական հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Պարոն Փաշինեանի իշխանութեան իւրաքանչիւր օրը Կովկասի եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ նուաստացում է Ռուսաստանի համար, որովհետեւ ան մեր նախագահին հետ հանդիպելէ յետոյ, առանց ամօթի կը վիրաւորէ Ռուսաստանը, անոր վրայ կը բարդէ իր բոլոր մեղքերը։ Ան կը փորձէ հայ ժողովուրդի ցասումը ուղղել դէպի Ռուսաստան»։ Զատուլին աւելցուց, որ Մոսկուա պէտք է յստակօրէն հասկցնէ, թէ պարզ կը տեսնէ Փաշինեանի մտադրութիւնը։ «Իրականութեան մէջ կարելի չէ ամուր յարաբերութիւններ կառուցել պետութեան մը հետ, որու կառավարութիւնը կ՚ոգեշնչուի ձեր հետ կապերը խզելու գաղափարով», աւելցուց ան։

Ռուսական յայտնի լրատուամիջոցներէն «Քոմերսանթ»ն ալ վերջերս անդրադարձած էր Հայաստանի ներկայ ընդդիմադիր շարժման։ «Փաշինեանին կը փորձեն յաղթել Աստուծոյ օգնութեամբ», նշած էր լրատուամիջոցը։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024