ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՕՖԵԼԻԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Հա­յաս­տա­նի ա­նուա­նի հա­մոյթ­ներն ու մե­նա­կա­տար­նե­րը իւ­րա­յա­տուկ ե­լոյթ­նե­րով, ջերմ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րով, շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րով ու հիաց­մուն­քի խօս­քե­րով նշե­ցին Օ­ֆե­լիա Համ­բար­ձու­մեա­նի 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Հայ եր­գի թա­գու­հիին նուի­րուած ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին հնչե­ցին ժո­ղովրդա­կան եւ էսթ­րա­տա­յին սի­րուած գոր­ծեր։ «Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեան» օ­փե­րա­յի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կին ան­ձամբ ներ­կայ էր Օ­ֆե­լիա Համ­բար­ձու­մեան, որ կը հե­տե­ւէր բե­մին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող ան­ցու­դար­ձին, կ՚ունկնդ­րէր ե­լոյթ­նե­րուն ու կ՚ըն­դու­նէր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Յո­բե­լե­նա­կան ե­րե­կոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման ա­ջակ­ցած էր Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015