ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՐԴ ՈԴԻՍԱԿԱՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ծա­գած դէպ­քե­րուն վրա­յէն վա­ղը եր­կու շա­բաթ ան­ցած պի­տի ըլ­լայ։ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին օ­րա­կար­գը կը բնորո­շուի մտա­հո­գիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով։ Ե­րե­ւա­նի Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին եւ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կեդ­րո­նա­ցած է հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը։

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նէն դար­ձեալ հա­սան կրա­կոց­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րեր։ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Է­րե­բու­նիի ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նը բռնագ-­րա­ւած «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին ան­դամ­նե­րը այդ տա­րած­քէն կրակ բա­ցած են։ Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­ներն ալ փո­խա­դար­ձած են զի­նեալ­նե­րուն։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ վի­րա­ւո­րուած են զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րէն Ար­թուր Մել­քո­նեան եւ Ար­մէն Լամ­բա­րեան, ո­րոնք փո­խադ­րուած են հի­ւան­դա­նոց՝ անհ­րա­ժեշտ դար­ման­ման հա­մար։ Բժշկա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի «Է­րե­բու­նի» բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ։

Այս բո­լո­րէն վերջ ե­րէկ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն լա­րուա­ծու­թիւ­նը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւել­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­ղո­քի ցոյց մը։ Հան­րա­հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը ա­ւե­լի վերջ սկսան եր­թի մը՝ դէ­պի Խո­րե­նա­ցի փո­ղոց։ Բայց եւ այն­պէս, ըն­թաց­քին ա­նակն­կա­լօ­րէն ա­նոնք փո­խե­ցին ի­րենց ուղ­ղու­թիւ­նը եւ հա­ւա­քուե­ցան Սա­րի թա­ղի մէջ։ Այս ան­կան­խա­տե­սե­լի ի­րա­դար­ձու­թեան փո­խա­րէն ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ցոյ­ցը հա­մա­կար­գող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն պա­հան­ջեց ան­յա­պաղ ժո­ղո­վուր­դը հե­ռաց­նել։ Հա­մա­կար­գող կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րը ընդ­հա­նուր առ­մամբ պատ­րաս­տա­կամ չգտնուեան այդ պա­հան­ջին ըն­թացք տա­լու ու վա­րուե­ցան հնա­րա­ւո­րինս ժա­մա­նակ շա­հե­լու մտադ­րու­թեամբ։ Հա­ւաք­նե­րու ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թեան մա­սին ի­րե­րա­յա­ջորդ զգու­շա­ցում­նե­րէն վերջ՝ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ մի­ջամ­տեց ու ցրուեց ցու­ցա­րար­նե­րը։ Այս ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցան լա­րուա­ծու­թիւն­ներ, տխուր դէպ­քեր, ո­րոնց շրջագ­ծով Սա­րի թա­ղի մէջ ծա­գե­ցաւ նաեւ հրդեհ մը։ Թէ՛ Սա­րի թա­ղի եւ թէ՛ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ կու­տա­կուած ցու­ցա­րար­նե­րը հե­ռա­ցուե­ցան ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ։ Բազ­մա­թիւ ցու­ցա­րար­ներ տա­րուե­ցան ոս­տի­կա­նա­տուն։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ Ե­րե­ւա­նի հինգ բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ կը դար­մա­նուի վաթ­սուն վի­րա­ւոր։

Ե­րէ­կուան դէպ­քե­րուն ըն­թաց­քին «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ խում­բին կող­մէ բռնագ­րա­ւուած ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի տա­րած­քէն դուրս ոս­տի­կան մը վի­րա­ւո­րուե­ցաւ՝ հրա­զէ­նով։ Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը ան­մի­ջա­պէս հեր­քե­ցին դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած պնդում­նե­րը, ըստ ո­րոնց բռնագ­րա­ւեալ ոս­տի­կա­նա­տան տա­րած­քէն ներս կը կա­տա­րուէին գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­րէկ յայտ­նա­բե­րած էր զի­նեալ խում­բին ա­պօ­րի­նի օ­ժան­դա­կու­թիւն ցոյց տուող նոր ան­ձեր։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւագ դա­տա­խազ Գէորգ Կոս­տա­նեան «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին հա­ղոր­դեց, որ տա­կա­ւին կա­նուխ է դէպ­քե­րուն վերջ­նա­կան գնա­հա­տա­կան մը տա­լու հա­մար։ Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պան Ար­ման Թա­թո­յեան տե­ղե­կա­ցուց, որ վեր­ջին օ­րե­րու դէպ­քե­րը տե­ղի տուած են հա­սա­րա­կու­թե­նէն ներս ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կա­կան խո­րաց­ման։ Ան խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ հա­մա­րած է, որ հա­սա­րա­կու­թեան ա­ռան­ձին խում­բե­րու կող­մէ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն եւ ակն­յայտ կը խրա­խու­սուին ա­տե­լու­թիւնն ու բռնու­թեան կո­չե­րը եւ նոյ­նիսկ ի­րա­ւուն­քի սահ­ման­նե­րէն դուրս գոր­ծե­լը։ Հե­տե­ւա­բար, ան հա­մո­զուած է, թէ անհ­րա­ժեշտ է ա­պա­հո­վել խա­ղաղ ու անվ­նաս հան­գու­ցա­լու­ծում մը՝ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին հա­մար։

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016