Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԷՐՏՈՂԱՆ ԴԱՏԵՐԸ ԵՏ ՔԱՇԵՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ մէկ անգամուան համար ետ կը քաշէ այն բոլոր դատերը, որոնք բացած է իրեն դէմ կատարուած անարգանքներուն համար։
Երէկ, Պեշթեփէի մէջ տեղի ունեցաւ Յուլիս 15-ի ձախող պետական հարուածի նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւն մը, որու ընթացքին Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Հանրապետութեան նախագահը այդ հաւաքոյթին ընթացքին տեղեկացուց, որ մէկ անգամուան համար կը հրաժարի վերոյիշեալ դատէն։
Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016