ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Հաք­քեա­րիի Չու­քուր­ճա գա­ւա­ռա­կին մէջ ե­րէկ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն վրայ, ո­րոնք կը վե­րահս­կէին ճա­նա­պար­հը։ Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով հինգ զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ, ութ զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ վիրաւորեալ երեք զինուորներն ալ նահատակուած են։ Այսպէսով, զոհերուն թիւը բարձրացաւ ութի։ Բախումներուն ընթացքին երեսունհինգ ահաբեկիչ չէզոքացուեցաւ։

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016