ՈՍԿԻ ՄԵՏԱՅԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

«Ռիօ-2016»ի ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Ար­սէն Ջուլ­ֆա­լա­կեան խօ­սե­ցաւ կա­տա­րուած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ը­նե­լիք­նե­րուն եւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին: «Չորս տա­րի ա­ռաջ, Լոն­տո­նի ո­ղիմ­պիա­կա­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, սկսանք նա­խա­պատ­րաս­տուիլ 2016-ի ո­ղիմ­պիա­կա­նին: Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան ըն­թաց­քը լաւ ան­ցաւ:

«Ո­ղիմ­պիա­կա­նի ար­ծաթ մե­տայլ ու­նիմ: Այժմ ոս­կի մե­տայ­լին մա­սին կը մտա­ծեմ: Ա­նի­մաստ է նոյն տե­ղը մնալ կամ նա­հանջ ար­ձա­նագ­րել: Բո­լորն ալ տե­ղեակ են, որ վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն մեծ ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տուաւ մե­զի: Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցի­լը իւ­րա­քան­չիւր մար­զի­կի հա­մար ե­րա­զի ի­րա­կա­նա­ցում է: Պէտք չէ մոռ­նալ, որ բա­ւա­կան դժուա­րին ճամ­բայ կը կտրեն մար­զիկ­նե­րը: Բայց եւ այն­պէս շատ ու­րախ ենք, որ բո­լո­րին ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ ենք», ըսաւ Ար­սէն Ջուլ­ֆա­լա­կեան:

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016