ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՐԱՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ

Նազար Հանչէր մեզի կը տեղեկացնէ.-

Հայաստանի մարմնամարզի ազգային հաւաքականը պարապումներու համար շաբաթավերջէն ի վեր կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Հայկական հաւաքականը 10-11 օգոստոս թուականներուն Մակեդոնիոյ մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Եւրոպայի մարմնամարզի առաջնութեան։ Հաւաքականը այս կարեւոր մրցաշարքին ընդառաջ պատրաստութիւններ յառաջ կը տանի։ Հայ մարզիկներու ճամբարը քաղաքիս մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոսի 9-ը։

Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշա Հայրապետեան, որ նշեց, թէ ձեռնտու պայմաններով Իսթանպուլի մէջ կը պատրաստուի յառաջիկայ մրցաշարքին։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն երկու մարզիչներ՝ Արսէն Պետրոսեան եւ Գրիգոր Բարսեղեան։

Մարզիկներն են՝ Էլատա Ալլահվերտեան, Մարիաննա Պահեան, Անժելինա Աւագեան, Մելինէ Ադամեան, Ժաննա Շահնազարեան, Լեւոն Աղասեան, Երուանդ Մկրտչեան, Արտակ Համբարձումեան, Նարեկ Ղուկասեան, Ռոման Ալեքսանեան, Արմէն Յովհաննիսեան եւ Գարիկ Ումուրշատեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019