ՆԱԽԱՐԱՐ ԲԱԴԱՍԵԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ԵԽ-Ի ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ Եւրոխորհուրդի Իսթանպուլի պայմանագրին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵԽ-ի այդ պայմանագիրը կը վերաբերի կանանց դէմ կամ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման եւ համապատասխան պայքարին։ Հայաստանի կողմէ նախապէս ստորագրուած այս պայմանագրի վաւերացման փուլը հասած է եւ զուգահեռաբար ծնունդ առած՝ հասարակական բանավէճ մը։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ անցեալ շաբաթավերջին հրապարակուած յայտարարութիւնը, որով լուրջ վերապահութիւն կը յայտնուէր այդ պայմանագրին կապակցութեամբ։ Նորա-նըշանակ նախարար Ռուստամ Բադասեան վերջերս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ ունեցած էր հանդիպում մը, որու ընթացքին արծարծուած էր այս խնդիրը։ Իսկ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ հրապարակուած յայտարարութենէն վերջ արդարադատութեան փոխ-նախարարը ըրած էր իր հերթին յայտարարութիւն մը, որու մէջ մատնանշուած էին այդ պայմանագրին ապահովելիք օգուտները։

Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ Ռուստամ Բադասեանն ալ յայտնեց իր տեսակէտը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը շինիչ համարեց Եկեղեցւոյ հետ երկխօսութիւնը պայմանագրին շուրջ։ Ան ըսաւ. «Կան առողջ ուժեր, որոնք անկեղծօրէն անհանգստացած են եզրոյթներու մեկնաբանութեան շուրջ։ Այդ շարքին է Եկեղեցին, որու հետ մենք սկսած ենք երկխօսութեան։ Առաջին երկխօսութեան արդիւնքները բաւական շինիչ էին։ Սակայն, բնականաբար տակաւին չենք հասած բոլոր կէտերով միասին վերջնական դիրքորոշում մը ձեւաւորելու։ Այդ առումով մենք պատրաստակամ ենք շարունակելու մեր երկխօսութիւնը Եկեղեցւոյ հետ, որպէսզի բոլոր մտահոգութիւնները վերանան»։

Բադասեան ընդգծեց նաեւ, որ պայմանագիրը չի նախատեսեր օրինականացնել միասեռական ամուսնութիւնները։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութիւնն ալ վերջին օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ յիշեալ պայմանագրի վաւերացման գործընթացին շուրջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019