ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՇՈՒՇԻ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովա եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Էսատ Քայսէր, որոնք վերջին օրերուն եռակողմանի ձեւաչափով մէկտեղուած էին Պաքուի մէջ, երէկ այցելեցին Շուշի։ Երեք խորհրդարանի նախագահները Պաքուի մէջ համատեղ հռչակագիր մը ստորագրելէ վերջ ուղեւորութեան ձեռնարկեցին դէպի այն տարածքները, որոնք Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են։ Այս ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ իրենց այցելութիւնը դէպի Շուշի։ Կը հաղորդուի, որ Շենթոփ, Կաֆարովա եւ Քայսէր Շուշիի մէջ ծանօթացան ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։

Արցախի երկրորդ պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճան վայելած էր թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Փաքիստանի զօրքերու գործնական աջակցութիւնը ռազմաճակատի վրայ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021