ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թիֆ­լիզ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Տա­ւիտ Ու­սու­պաշ­վի­լիի եւ Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հետ։ Մա­մէ­տեա­րով նաեւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խա­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի հետ։

Ընդ­հան­րա­պէս, Թիֆ­լի­զի եւ Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը այս շրջա­նին յա­ռաջ կ՚ըն­թա­նան սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ճա­նա­պար­հով։ Ա­նոնց մի­ջեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան խտա­ցեալ շփում­ներ։ Մա­մէ­տեա­րո­վի ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ, յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ ալ նա­խա­տե­սուած է Քվի­րի­քաշ­վի­լիի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Պա­քու։

Ըստ Թիֆ­լի­զէն հա­սած լու­րե­րուն, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Վրաս­տան-Ատր­պէյ­ճան ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր, ար­ծար­ծուե­ցան գոր­ծըն­կե­րու­թեան խո­րաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թի, ու­ժա­նիւ­թի, ա­ռեւ­տու­րի եւ տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Կող­մե­րը շօ­շա­փե­ցին նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։ Երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խնդիր­նե­րը Թիֆ­լի­զի եւ Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թեանց ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ է ներ­կա­յիս։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Ճա­նե­լի­ծէ եւ Մա­մէ­տեա­րով կանգ ա­ռին Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման ծրագ­րի ըն­թաց­քին վրայ։ Նա­խա­րար­նե­րը շօ­շա­փե­ցին նաեւ հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թիւ­նով դէ­պի Եւ­րո­պա բնա­կան կազ մա­տա­կա­րա­րե­լու նիւ­թը եւ այս ա­ռանց­քին շուրջ կա­րե­ւո­րե­ցին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը, Եւ­րո­պա­յի ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան ծի­րին մէջ։ Վրա­ցա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Եւ­րո­պա-Ա­սիա փո­խադ­րու­թեան մի­ջանց­քի նիւ­թը։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016