ՕԳՈՍՏՈՍ 30-Ի ՏՕՆԸ

Բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր կը նշուի Օ­գոս­տոս 30-ի տօ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր մեծն Ա­թա­թիւր­քի գլխա­ւո­րու­թեամբ 1922-ին տա­րուած Մեծ Յաղ­թա­նա­կի 94-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­ր։

Այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ տո­ղանցք տե­ղի չ՚ու­նե­նար՝ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձով պայ­մա­նա­ւո­րուած գոր­ծօն­նե­րուն բե­րու­մով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին տան­տի­րու­թեամբ ա­ւան­դա­բար կազ­մա­կեր­պուող ըն­դու­նե­լու­թիւնն ալ նոյն­պէս տե­ղի չ՚ու­նե­նար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016