ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերջերս խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանբեր Զախարովա անդրադարձաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ նախատեսուած հաւանական հանդիպման։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Մարիա Զախարովա պատասխանեց իրեն ուղղուած այն հարցին, թէ Մոսկուայի մէջ ե՞րբ կրնայ տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի քննարկման շուրջ։ Զախարովա պատասխանեց. «Եթէ հանդիպումներ ըլլան, մենք այդ մասին կը տեղեկացնենք։ Մեր միջնորդական ջանքերը կը շարունակուին, մենք կապի մէջ ենք կողմերուն հետ զանազան ձեւաչափերու մէջ։ Սա գործանականին մէջ այս պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցող բոլորն է»։

Հարկ է նշել, որ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի միջեւ տեսակցութիւն մը հաւանական կը նկատուի յառաջիկայ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի շրջանին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018