ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ճեւատ Զարիֆ քննարկեցին Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով այլ խնդիրներ։ Նախարարները կանգ առին նաեւ երկկողմանի օրակարգի խնդիրներուն վրայ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ ամսուան առաջին օրերուն Թաւրիզի մէջ նախատեսուած է Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու եռակողմանի գագաթաժողովը՝ Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ։

7 սեպտեմբերին նախատեսուած եռակողմանի գագաթաժողովին առթիւ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հրաւէրով, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի մեկնի Թաւրիզ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ նոյն թուականին պիտի ժամանէ Իրան։ Սա պիտի ըլլայ այս ձեւաչափով երրորդ գագաթաժողովը, որու ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Առաջին գագաթաժողովը՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էր 2017 թուականի նոյեմբերի 22-ին։ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած այդ գագաթաժողովէն վերջ Թուրքիան ալ նոյն ձեւաչափով հիւրընկալած էր Իրանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները եւ հիմա արդէն հերթը հասած է Թեհրանի ղեկավարութեան։

Միւս կողմէ, Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ վերջին օրերուն ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ։ Երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւնները ընդլայնուած ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան պայմանագիր մը ստորագրեցին։ ԻՐՆԱ գործակալութեան հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը ստորագրեցին երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները։ Սոյն համաձայնագիրը լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Իրանի եւ Սուրիոյ համագործակցութեան զարգացման համար։ Սուրիոյ մէջ գրեթէ աւարտած է ռազմական փուլը եւ կը սկսի երկրի վերականգնման շրջանը։ Այս ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ստորագրումը կը վկայէ Թեհրանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւններու միջեւ համագործակցութեան զարգացման պատրաստակամութիւնը։

Սոյն համաձայնագրի ստորագրման առթիւ Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Ամիր Խաթամի վերջերս այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։

Տարածքաշրջանէ ներս Իրանի դերակատարութեան ազդեցութեան առումով կարեւոր իրադարձութիւն մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ համաձայնութեան ստորագրումը կը զուգադիպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կոմղէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերստին շրջանառութեան մէջ դրուելուն։ Ուաշինկթընէն վերջին օրերուն կը բարձարանային ձայներ, ըստ որոնց Իրանի զօրքերը պէտք է լքէին Սուրիոյ տարածքը։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկույի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները անդրադարձան Սուրիոյ ներկայ իրադրութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018