ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան գործընթացը պիտի վերսկսի յառաջիկայ ամսուայ երկրորդ կէսին։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մայիսին վախճանած էր Հայ Կաթողիկէից Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որու յաջորդը ընտրել հնարաւոր չէր եղած յունիսին Զմմառի մէջ տեղի ունեցած Ս. Սինոդի երկարատեւ նստաշրջանին ժամանակ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, ներկայիս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները ժողովի հրաւիրուած են Հռոմ։ Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքներէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներու թեմերէն ներս ծառայութեան կոչուած հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները սեպտեմբերի 20-ին պիտի ժամանեն Հռոմ, ուր դարձեալ պիտի գումարուին նոր կաթողիկոս-պատրիարքը ընտրելու համար։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան թափուր Աթոռի կառավարիչ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, որ նաեւ Բերիոյ թեմի (Հալէպ) առաջնորդն է, այս կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Վատիկանի լրասփիւռին։ Նկատի ունենալով, որ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը չէ յաջողած ինքնուրոյն իրականացնել նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութիւնը, այժմ այդ գործընթացը պիտի շարունակուի Հռոմի մէջ՝ ըստ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն։ Այսպէս, սեպտեմբերի 20-էն սկսեալ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները պիտի համախմբուին Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական (Հայ կաթողիկէ) վարժարանին մէջ, ուր սեպտեմբերի 22-ին պիտի սկսին նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան ուղղեալ նիստերը։ Սա, իրականութեան մէջ, գրեթէ նոյն ձեւաչափն է Զմմառէ ներս տեղի ունեցած Ս. Սինոդի ժողովներուն հետ։ Բայց եւ այնպէս, այս անգամուան նստաշրջանին պիտի նախագահէ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի կառավարիչ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը անցեալ ամառ իրերայաջորդ քուէարկութիւններ ըրած էր, սակայն ձայներու երկու երրորդը թեկնածուներէն մէկուն վրայ կեդրոնացնել կարելի չէր եղած։ Ընտրութիւններու ժամանակ առանձնացած էին հիմնական երկու անուններ՝ Միրիաթեան Գերապայծառն ու Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, որ Հայաստանի ու ամբողջ Արեւելեան Եւրոպայի վիճակաւորն է։ Այդ շրջանին հաղորդուած էր, որ Մինասեան Գերապայծառին միայն մէկ ձայն պակսած էր կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուելու համար։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021