ՕԳՈՍՏՈՍ 30-Ի ՏՕՆԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 99-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր օրուան տօնին առթիւ հրապարակած են պատգամներ՝ շեշտադրելով երկրէն ներս միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Նախագահ Էրտողան շնորհաւորական պատգամին մէջ բիւր յարգանքով ոգեկոչած է Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը եւ իր բոլոր զինակից ընկերները, որոնք կերտած են այս յաղթանակը։ Իր խօսքով՝ այսօր ալ ազգի ուղղութիւնը կը բնորոշեն այն հաւատը, ոգին ու կամքը, որոնք 99 տարի առաջ ներշնչանք դարձած են Մեծ յաղթանակին համար։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021