ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Զրոյցը զուգադիպեցաւ երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի 25-ամեակին։ Այս յոբելեանին առթիւ Փաշինեան եւ Փութին զիրար շնորհաւորեցին։ Անոնք համոզուած են, թէ կողմերու դաշնակցային փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները այսուհետեւ եւս զանազան ոլորտներէ ներս պիտի շարունակեն արդիւնաւէտ ձեւով զարգանալ եւ ամրապնդուիլ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա օրակարգային շարք մը հարցերու շուրջ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը։
Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններու ճիշդ նախօրեակին։ Արդարեւ, այսօր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներուն երկրորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ՝ գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։ Վաղն ալ Պրիւքսելի մէջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մէկտեղուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։
Ներկայիս տարածաշրջանային իրադարձութիւնները վերստին թափ ստացած են՝ յառաջատար դերակատարներու շփումներու խտացման զուգահեռ։ Նոյնպէս վաղը Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին նախարարները ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձնեն նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Նախարարները բանակցութիւններուն ժամանակ պիտի քննարկեն ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներէ ներս առանցքային համատեղ նախագծերու իրականացումը։ Կողմերը կը շարունակեն նաեւ կարծիքի փոխանակումները շարք մը հրատապ միջազգային հարցերու շուրջ՝ ներառեալ Իրանի միջուկային ծրագիրը։
Միւս կողմէ, Թեհրանի աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ Իրան, Ատրպէյճան եւ Ռուսաստան մտադիր են համատեղ ներդրումներ ընել՝ Ռեշտ-Ասթարա երկաթուղիի նախագծի կառուցման ուղղութեամբ։ «Մեհր» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ սա համահունչ է Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի իրականացման։ «Հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւնները խթանելու հարցին մէջ Իրանի կառավարութիւնը աշխոյժ դիւանագիտութիւն կը վարէ եւ վճռական է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հետ տարանցիկ առեւտուրը ընդլայնելու հարցին մէջ», յայտնեց Իրանի Ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան փոխ-նախարար Շահրիար Աֆանտիզատէ, որ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։