«ԱՐԱՍ» ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ԳՈՐԾԸ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է ե­զա­կի գործ մը, որ կը դա­սուի հայ­կա­կան գրա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան եր­կե­րու շար­քին։ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի ա­ջակ­ցու­թեամբ լոյս տե­սած է Շա­հան Շահ­նու­րի «Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի» վէ­պին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Սա իր ստեղ­ծա­գոր­ծուած ժա­մա­նա­կա-շըր­ջա­նին ար­դէն սփիւռ­քեան դար­ձած գրա­կա­նու­թեան կո­թո­ղա­յին գոր­ծե­րէն մին է եւ այս ա­ռու­մով «Ա­րաս»ի կող­մէ ցարդ լոյս ըն­ծա­յուած գիր­քե­րու շար­քին վստա­հա­բար կրնայ ա­ռանձ­նա­նալ։ Մա­րալ Աք­թոք­մա­քեա­նի եւ Ար­թուն Կէ­պէն­լիօղ­լուի կող­մէ թըր-քե­րէ­նի թարգ­մա­նուած գոր­ծը խմբագ­րած է Ռո­պէր Քոփ­թաշ։ Կող­քի ձե­ւա­ւո­րու­մը կա­տա­րուած է Ա­րէտ Կը­ճը­րի կող­մէ։ Կող­քին վրայ օգ­տա­գոր-ծըւած է պատ­մա­կան լու­սան­կար մը, Փա­րի­զի մէջ նկա­րա­հա­նուած է 10 Յու­լիս 1926 թուա­կա­նին։ Լու­սան­կա­րը կը ցո­լաց­նէ դրուագ մը՝ Փա­րի­զի «Ֆլո­րի­տա» ճա­շա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած Ակ­նայ հա­յոց հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան ե­րե­կոյ­թէն։

Սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան այս շատ կա­րե­ւոր գոր­ծին կցուած է նաեւ մա­տե­նա­գի­տու­թեան բա­ժին մը։

Հարկ է նշել, որ Շա­հան Շահ­նու­րի (1903-1974) այս գոր­ծը նախ 1929 թուա­կա­նին որ­պէս թեր­թօն հրա­տա­րա­կուած է Փարիզի այդ շրջանի «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թին մէջ եւ որ­պէս գիրք նոյն տա­րին ալ տե­ղի ու­նե­ցած է ա­ռա­ջին տպագ­րու­թիւ­նը։

«Ա­րաս»ի կող­մէ ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րուն մա­տու­ցուած այս ե­զա­կի գոր­ծը ա­պա­հո­վա­բար ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ մը պի­տի ու­նե­նայ հետաքրքիր­նե­րուն գրա­դա­րա­նին մէջ։

«ԿԱ­ՅԱՆ»

Միւս կող­մէ, «Ա­րաս» հրա­տա­րա­կած է նաեւ լու­սան­կա­րիչ Էր­հան Ա­րը­քի գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցեալ շքեղ ալ­պոմ մը, որ կը կո­չուի «Կա­յան»։ Գոր­ծը ձօ­նուած է Տիգ­րա­նու­հի Ա­սատ­րեա­նի։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016