ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Երկու նախարարներն ալ Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման արարողութիւններուն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան եւ Զարիֆ կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ խնդիրներու շուրջ՝ մատնանշելով Երեւանի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւններու դիրքորոշումներն ու մօտեցումները։ Նախարարները կարեւորեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդումը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019