ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆԸ
Ամերիկեան Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը (ՆԱՍԱ) կը ծրագրէ 2024 թուականին առաջին կինը ուղարկել դէպի Լուսին։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն պաշտօնապէս ներկայացուցած է իր 28 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրը՝ 2024 թուականին կրկին Լուսին ոտք դնելու վերաբերեալ:
Ըստ «BBC News»ի հաղորդումներուն, «Արթեմիս» անունը ստացած ծրագրի շրջանակներէն ներս ՆԱՍԱ մտադիր է մէկ կին եւ մէկ տղամարդ ուղարկել Լուսին, 1972 թուականէն ի վեր առաջին անգամ: Սակայն կը նշուի, որ տիեզերական գործակալութեան ժամկէտները պայմանական են:
ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը 3.2 միլիոն տոլար յատկացուցած է վայրէջքի համակարգեր կառուցելու համար: Տիեզերագնացները կը ճանապարհորդեն «Ափոլլոն» առաքելութեան ժամանակ կիրառուած տիեզերանաւու նման սարքաւորմամբ, որ ստացած է Orion անունը:
Ծրագրի մասին յայտնած է ՆԱՍԱ-ի ղեկավար Ճիմ Պրայտընսթայն՝ նշելով, որ շատ կարեւոր է Քոնկրէսէն ստացուելիք դրամական աջակցութիւնը զայն իրագործելու համար: