ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ջանքերով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարներ՝ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան Վեհափառ Հայրապետի տանտիրութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուելով քննարկած էին Հայաստանի հրատապ կացութիւնը։

Այդ հանդիպումէն վերջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան՝ ներկայացնելով իր մօտեցումներն ու արժեւորումները առկայ փուլին, ինչպէս նաեւ նախագահներու այս հանդիպումներէն սպասումներուն շուրջ։ Անմիջապէս արձագանգեցին նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը։ Երկրորդ նախագահը մեծ մամլոյ ասուլիսով մը պարզեց իր մտքերը այս կապակցութեամբ, իսկ երրորդ նախագահին գրասենեակը գրաւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Թէեւ տարաձայնութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն, Հայաստանի երեք նախկին նախագահները արդէն արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։

Այս բոլորէն վերջ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ աշխատանք կը տարուի նախկին նախագահներու երկրորդ հանդիպման ժամկէտները համաձայնեցնելու ուղղութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթէնեան այս մասին յայտնեց «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022