ՄԵԿՆԱԿԷՏԱՅԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Ի՞նչ կը մտածէ սփիւռքը 21-րդ դարուն» խորագրեալ գիտական հետազօտութեան արդիւնքի ամփոփման հաւաքոյթը։ Այս ծրագիրով խոշորացոյցի տակ առնուած են հայկական սփիւռքի հանրային կարծիքը, համայնքներու առկայ հարցերն ու մտածելակերպի առանձնայատկութիւնները։ Աշխատանքը յառաջ տարուած է սփիւռքահայ յայտնի գիտնական-մտաւորական, Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Բացի այս վերջինէն, Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ արտայայտուած են Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան ֆաքիւլթէի մշակութաբանութեան ամպիոնի դասախօս ու մարդաբան Եուլիա Անտոնեան, Հայկական սփիւռքի հետազօտութեան մեթոտաբանութեան խորհրդատուն՝ ընկերաբան Հայկ Կիւզալեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառէն մարդաբան տքթ. Գայիանէ Շագոյեան, ինչպէս նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան։

Հայկական սփիւռքի հետազօտութեան արդիւնքներու ամփոփման ժամանակ ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկած է Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան՝ ընդգծելով այս հետազօտութեան կարեւորութիւնը։ Ան յատկանշական համարած է, որ այս հետազօտութիւնը իրականացուած է չորս տարբեր աշխարհամասերու մէջ։

Այս ամբողջ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը իսկապէս մեկնակէտային տուեալներ ի ցոյց կը դնէ՝ հայկական սփիւռքի ապագային, հայոց ինքնութեան եւ այլ զանազան խնդիրներու տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022