ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ

«Հայ­փոստ» ըն­կե­րու­թիւ­նը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրաւ Հա­յաս­տա­նի ու­սա­նո­ղա­կան շի­նա­րա­րա­կան ջո­կատ­նե­րու 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած մաս­նա­ւոր բա­ցիկ մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մէկ նա­մա­կա­նի­շով այս բա­ցի­կի ա­նուա­նումն է «Հա­յաս­տա­նի ու­սա­նո­ղա­կան ջո­կատ­նե­րու 50-ա­մեա­կը»։ 

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Հայ­փոստ»ի կող­մէ նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ կնքման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ ան­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Բա­ցի­կը կնքե­ցին Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի փոխ-նա­խա­րար Գա­գիկ Թա­դէո­սեան, «Հայ­փոստ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Խուան Փապ­լօ Քէ­չէ­ճեան եւ Հա­յաս­տա­նի ու­սա­նո­ղա­կան ջո­կատ­նե­րու կո­մի­սար Ստե­փան Ստե­փա­նեան։ Այս վեր­ջի­նը նշեց, թէ թո­ղար­կուած բա­ցի­կը կը հա­մա­րէ շատ մեծ նուէր մը ու­սա­նո­ղա­կան ջո­կատ­նե­րու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար ու շատ մեծ ներդ­րում մը՝ յի­շո­ղու­թեան ա­ռու­մով։ Յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 31-ին այս բա­ցի­կը պի­տի բաժ­նուի ու­սա­նո­ղա­կան ջո­կատ­նե­րու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015