Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԱՆԳԼԻԱ ԿԱՆԽԱՀԱՍ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
BREXIT-ի գործընթացին վերաբերեալ վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը որոշեց ձեռնարկել կանխահաս ընտրութիւններու։ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի առաջարկին վրայ առնուեցաւ խորհրդարանական վաղաժամկէտ ընտրութեան ձեռնարկելու վերաբերեալ որոշումը։
Այս ընտրութիւններուն միջոցաւ Պորիս Ճանսըն մտադիր է փորձել փակուղիէ դուրս բերել BREXIT-ի գործընթացը։ Արդարեւ, Երեսփոխանական ժողովէն ներս կառավարութիւնը չունի մեծամասնութիւն եւ չի յաջողիր անոր հաւանութիւնը ստանալ՝ BREXIT-ի ճանապարհին։ Եթէ Լորտերու պալատն ալ հաւանութիւն տայ վաղահաս ընտրութեան, ապա Անգլիա պիտի երթայ ընտրութեան։ Այս բոլորին շուրջ պէտք է վերջնական որոշում մը տրուի նոյեմբերի 6-էն ոչ ուշ։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019