ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Հոկտեմբեր 29-ին, լիբանանեան հեռատեսիլէն ուղղակի հաղորդումով՝ երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարած է, որ հրաժարական կու տայ իր պաշտօնէն եւ որ կը բարձրանայ նախագահական պալատ՝ հրաժարականի դիմումը ներկայացնելու համար նախագահ Միշել Աունին։

Նշենք, որ տասը օր առաջ համայն երկրին մէջ ծայր առած էին ինքնաբուխ ցոյցեր՝ WhatsApp-ի գործածութիւնը հարկի ենթարկելու կառավարութեան որոշումին հրապարակումէն անմիջապէս ետք։ Այդ ցոյցերը, որոնք դեռ կը շարունակուին, առիթ հանդիսացան ժողովուրդին տարիներէ ի վեր կուտակուած պոռթկումը «դուրս թափել»ու, երկրին իշխանութիւններուն տասնամեակներէ ի վեր արմատ նետած թերութիւններն ու մա՛նաւանդ ապօրինութիւնները օրակարգի բերելու։ Բարեկարգումներու մասին կառավարական շրջանակներէն կատարուած խոստումներն ալ չէին գոհացուցած փողոց իջած ժողովուրդը, որ կը պահանջէր բովանդակ կառավարութեան հրաժարումը։

Աւելցնենք, որ կառավարութեան քրիստոնեայ նախարարները քանի մը օր առաջ արդէն յայտարարած էին, թէ կը հրաժարին։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ շտապ ձեւով պէտք է օժանդակել Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմուելուն։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019