ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇԱՆԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ AKM-Ի ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄՈՎ

Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը։ Երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնք ոգեւորութիւն ստեղծելու առընթեր եկան հերթական անգամ վերահաստատել միութեան ու միասնականութեան տրամադրութիւնները։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կազմակերպուած արարողութիւններուն առընթեր, այս տարուայ 29 հոկտեմբերին հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Իսթանպուլի վրայ, ուր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ այս տարուայ ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մին կեանքի կոչուեցաւ։ Այսպէս, Թաքսիմի հրապարակին վրայ կառուցուած «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի նորակառոյց համալիրի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ մեծաշուք արարողութիւնով մը։ Նախագահ Էրտողանի եւ Մշակոյթի նախարար Մեհմէտ Էրսոյի ելոյթներով տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւնը։ Նորակառոյց AKM-ի բացումին առթիւ բեմադրուեցաւ նաեւ «Սինան» օփերային ներկայացումը։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնակատարութիւններուն հրաւիրուած էին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական ներկայացուցիչները։ Այս ծիրին մէջ պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ որպէս Թրքահայ վաքըֆներու միութեան նախագահ։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021