ԷՐՏՈՂԱՆ-ՊԱՅՏԸՆ ԿԼԱՍՔՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ՇՕՇԱՓՈՒԵՑԱՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Իտալիա՝ մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի (G20) անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Ապա ան կ՚ուղեւորուի դէպի Կլասքով, ուր նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Կլասքովի մէջ ծրագրաւորուած է նաեւ նախագահ Էրտողանի տեսակցութիւնը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Այս տեսակցութեան կարեւոր նշանակութիւն կը վերագրուի՝ մանաւանդ, որ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ դարձեալ կուտակուած են խնդիրներ։

Էրտողան-Պայտըն հանդիպման ընդառաջ բարձր մակարդակի վրայ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ թուրք եւ ամերիկեան կողմերու միջեւ։ Այսպէս, նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն զրուցեց Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէք Սալըվընի հետ։ Այս տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021